Գոհար Սիմֆոնիկ Նուագախումբ եւ Երգչախումբе: T Zg HC Fки
Գոհար Սիմֆոնիկ, նուագախումբ եւ երգչախումբ, լիբանահայ Յարութ Խաչատրեանի կողմէն հիմնադրուած նուագախումբ եւ երգչախումբ: Յարութի եղբայրները՝ Շահէ եւ Նառ Խաչատրեանները նոյնպէս աջակցած են «Գոհար»-ին՝ Հիմնադրման օրէն 2014 թուականը համոյթը ղեկավարած է Կիպրացի Սեպուհ Աբգարեան, որ միաժամանակ գեղարուեստական ղեկավարն էր ու խմբավարը[1]: Սկիզբը համոյթը հանդիսացած է միայն նուագախումբով, իսկ այնուհետեւ ընդարձակուած է ու լրացուած է նաեւ երգչախումբով: Ներկայիս կազմուած է մօտաւորապէս 150 երաժիշտներէ, 12-15 երգիչ-մեներգիչներէ, մօտաւորապէս 15 պարուհիներէ: Նուագախումբը «Գոհար» կոչուած է եղբայրներուն մօրը անունով[2]:
Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1996 թուականին Գոհար Խաչատրեան (Խաչատուրեան) այցելած է Հայաստանի այն շրջանները որոնք տուժած են 1988 թուականին երկրաշարժէն եւ որոնք դեռ կը գտնուէին ոչ նպաստաւոր նիւթական եւ հոգեւոր վիճակի մէջ: Տեսնելով այդ պայմանները, ան որոշած է աշխատանքի պայմանները ստեղծել մարդկանց համար: 1997 թուականին անոր զաւակները՝ Յարութ, Շահէ եւ Նառ Խաչատրեանները Կիւմրիի Կեդրոնը կառուցած են եւ 1999 թուականի աւարտին հասած են համալիրի կառուցումը, որտէղ բնակցութիւնը կը հաստատուին երկրաշարժէն ետք անօթեւան մնացածները:
1999 թուականին իր աշխատանք կ'սկսի նաեւ «Գոհար» երաժշտանոցը, որտէղ կ'աշխատէին մօտաւորապէս 20 ուսուցիչներ եւ անվճառ մօտաւորապէս 100 ուսանողներու կը սորվեցնէին: Երաժշտական գործիքները սորվելու տարիներուն ուսանողներուն կը տրուէին անվճառ:
Համերգաշրջան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
2000 թուականին կը հիմնադրուի Գոհար սիմֆոնիկ նուագախումբն ու երգչախումբը: Համերգներով համոյթը հանդէս կու գայ ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ սփիւռքահայ օջախները եւս: Ընդ որուն, համերգներէն ստացուած հասոյթի մեծ մասը կը ծախսուի բարեգործական նպատակներով:
Համոյթի անդրանիկ միջազգային ելոյթը տեղի կ'ունենայ 2002 թուականին, Նիկոսիա: Այս նոյն թուականին ելոյթը կ'ունենան նաեւ Պէյրութի եւ Երեւան: 2005 թուականին ելոյթ կ'ունենան Իսթամպուլ, 2006 թուականին՝ Մոսկուա:
2003 թուականին կը հրատարակեն իրենց առաջին DVD ձայնավառակը: Այս եւ շատ այլ ապագայ ելոյթներու հասոյթները կը ծախսուէին բարեգործական նպատակներով, կամ ալ տեղը կ'ունէնային անվճառ, կամ ալ ձայնասկավառակները կը բաժնէին սփիւժքահայ գաղթօջախներու կրթական հաստատութիւններու:
2007 թուականին «Գոհար» կը մեկնի ԱՄՆ, որտէղ ելոյթ կ'ունենան 6 անգամ եւ Քանատա՝ 2 անգամ: 2008 թուականին կ՛արձակեն երկրորդ ձայնասկաւառակը՝ Իսթամպուլի եւ Մոսկուայի ելոյթներու հիման վրայ[3]:
2009 թուականին Գոհարը ելոյթներ կ'ունենայ Իսթամպուլի եւ Հալէպի մէջ, 2012-ին Արժանթին եւ Ուրուկուէյ[4]:
2009 թուականին Սերժ Սարգիսեանի հրամանագրով, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 18-րդ տարեդարձին առիթով, մշակոյթի եւ արուեստի բնագաւառէն ներս ներդրած նշանակալի աւանդի համար Լիբանանահայ բարերար Գոհար Խաչատուրեան կը պարգեւէ Մովսէս Խորենացիի մետալով:
«Գոհարի» ամենատպաւորիչ ելոյթներէն մէկը 2011 թուականին Մայիս 28-ին Երեւանի Օփերայի բակին մէջ կազմակերպուած մեծ ու լուսառատ համերգ էր հայ երգիչներու մասնակցութեամբ, նուիրուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հռչակման տարեդարձին[5]: Համերգը անցաւ 3D լազերային խիստ տպաւորիչ շոու-ներկայացմամբ, որ իր մեծածավարութեամբ եւ ճաշակով նոր խօսք էր հայ մշակութային իրականութեան մէջ: Համերգին ներկայ էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ., ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, վարչապետ Տիգրան Սարգիսեան, ԱԺ նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, քաղաքական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաններ:
«Գոհարի» յաջողութեան գաղտնիքը երգերու մատուցման պարզութիւնն է, ժողովրդականութիւնը: Նոյնիսկ ամենադասական ու ծանր ստեղծագործութիւնը կը ներկայացուի շատ պարզ ու թեթեւ, որմէ չի տուժէր որակը, այդ իսկ պատճառով այն ընդունելի եւ հասկանալի կը դառնայ բոլորի կողմէն: Եթէ աւելցուի խմբավար Սեպուհ Աբգարեանի անմիջականութիւնն ու համերգի ժամանակ մերթ ընդ մերթ խմբավարական հարթակի ձգել ու հանդիսատեսի առջեւ պարելը, պարզ կը դառնայ «Գոհարի»ի յաջողութեան գաղտիքը: «Գոհարի»ի շատ ներկայացումներ զուգակցուած են հանդիսատեսի պարով:
Ծանոթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
- ↑ Սեպուհ Աբգարյանի անունն անմահ է
- ↑ Գոհարի ստեղծման պատմություն
- ↑ KOHAR Armenian Ensemble
- ↑ KOHAR en Buenos Aires - Argentina Octubre de 2012
- ↑ KOHAR - Veraganknir Guiliguia